2012-11-28 14:18:59

Երուսաղէմի Նոր Առաքելական Նուիրակը` Արհի. Ճուզէփփէ Լածծարոթթօ
Պաշտօնապէս Կ՛ընդունուի Յարութեան Սուրբ Տաճարին Մէջ


Երկուշաբթի Նոյեմբեր 26­ի առաւօտեան ժամը 9 ու կէսին, Երուսաղէմի բոլոր համայնքապետերը կը փութային Լատինաց Պատրիարքարանը, ողջունելու համար նորեկ Առաքելական Նուիրակը, Արհիապատիւ Ճուզէփփէ Եպիսկոպոս Լածծարոթթօ, որ Երուսաղէմ հասած էր արդէն նախորդ հինգշաբթի օր։ Յետ զինք բարեւելու եւ իրենք զիրենք ծանօթացնելու, թափօր կազմուեցաւ դէպի Քրիստոսի Յարութեան տաճարը, որուն կը նախագահէր Լատինաց Պատրիարքը, Արհիապատիւ Ֆուատ Թուալ։
Մուտքին` երեք գլխաւոր Եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, Յոյն Օրթոտոքս, Հայ Առաքելական եւ Լատին, որոնք նաեւ Երուսաղէմի երեք պատրիարքներու կողմէ նշանակուած պահապաններն են սոյն տաճարին, ընդունեցան հիւրերը տաճարի մեծ դրան մուտքին։ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ տաճարապետի պաշտօնը կը վարէր Սուրբ Յակոբի Միաբաններէն` Հայր Սամուէլ Վարդապետ Աղոյեան։
Հազիւ ներս մտան պատուարժան հիւրերը, ֆրանչիսկեան կրօնաւորներու ընդհանուր մեծաւորը` Հայր Փիէռ­Պաթթիսթա Փիցցապալլա, հրաւիրեց նոր Նուիրակը համբուրելու այն քարը, որուն վրայ ըստ աւանդութեան դրուած էր Յիսուսի մարմինը, խաչէն վար առնելէ ետք. Ապա կարճ զեկուցումով մը բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Պապի ներկայացուցիչին, որ կու գայ Երուսաղէմ, որպէս խաղաղութեան աւետաբեր, մանաւանդ որ վերջերս մի քանի տհաճելի դէպքեր պատահած էին կարգ մը սրբավայրերու դէմ։
Ապա Առաքելական Նուիրակը առաջնորդուեցաւ դէպի Տիրոջ սուրբ Գերեզմանը եւ ներս մտնելով` համբուրեց Քրիստոսի պանծալի յարութեան այդ վկայարանը։ Ապա ներկաները հրաւիրուեցան նստելու սուրբ Գերեզմանի դիմաց։ Նախ Հայր Վալտեմար Զոմմերդակ, որ տեղապահի պաշտօն կատարած էր Նուիրակներու փոխանցման շրջանին, կարդաց Կարդինալ Պերթոնէի կոնդակը, որով կը նշանակուէր Գերպ. Ճուզէփփէ Լածծարոթթօ որպէս Առաքելական նուիրակ Իսրայէլի եւ Պատուիրակ Երուսաղէմի։ Ապա խօսք առաւ Թուալ Պատրիարքը, որ դարձեալ Երուսաղէմի բոլոր եկեղեցիներու անունով բարի գալուստ մաղթեց նորեկ նուիրակին եւ խոստացաւ որ միասին համերաշխ աշխատանք պիտի տարուէր հետագայ օրերուն։
Հուսկ խօսք առաւ նոր Նուիրակը անգլերէն լեզուով եւ յայտնեց իր ուրախութիւնը երբ Պենետիկդոս ԺԶ. Սրբազան Պապը զինք կանչած էր եւ այս կարեւոր պաշտօնը յանձնած։ Ինք իրազեկ է թէ այս առանցնաշնորհումի ետին կայ նաեւ մեծ պատասխանատուութիւն մը, զոր պիտի ջանայ իրագործել իր պաշտօնէութեան շրջանին։ Իր խօսքն աւարտեց Սրբազան Պապի յորդորով որ անվախ ըլլանք եւ ապաւինինք Աստուծոյ շնորհքին, այս շատ զգայուն ու փափուկ առաքելութեան մէջ, որ յանձնուած է մեզի, պահապան հանդիսանալու սուրբ Վայրերուն, բոլոր քրիստոնէութեան դիմաց։
Վերջապէս դարձեալ կազմուեցաւ թափօրը դէպի Լատինաց Պատրիարքարանը, ուր ներկաները կրցան մի առ մի մօտենալ եւ իրենց բարի գալուստի խօսքը ուղղել նոր Նուիրակին ։








All the contents on this site are copyrighted ©.